I
երբ աչքերս գոց
վերագտնեն
վերջին վանկը ծակոտկէն անունիդ
որուն խոյականերէն
կ՛արձակուի ափը Միջերկրականի
մինչեւ փորուածքը հորիզոնին՝
կը գրկեմ քեզ
անբռնելի յեղյեղումովը կապոյտի
ձայնին
ու
ցնորական ոգորումովը կործանուած
մարմնիս,
մինչեւ որ
ջուրերդ չըլլան
անհատելի սահմանը մեր միջեւ
եւ քաղաքը
կրկին բարձրանայ
ուսերուդ կորագիծ տանիքներէն
II
եւ
ծովուն դիմաց բազմախօս
ես կը խաչուիմ անկողնիդ
ու քայքայումս
երանաւէտ աղջամուղջի ամայնքին
թրթռացող աղաղակ մ՛է
հեռուէ հեռու
օդառկախ
սերմնացումովը
ամենածագ
լոյսի այրող բացուածքին
զուգակցուող
ողողումովը գիշերադարձ ալիքներուն
որոնց ձայնէն
կը ծնին/կը մեռնին
վերապրող արձագանգները
բոլոր տեւող
սէրերուս
III
սկիզբէն
կախուած մնացիր լեզուիս մէջ
իսկ հիմա
ինչպէ՞ս խօսիլ
երբ բերնիս
բառերը
կը ճմռթկուին
կարօտի բանաստեղծութեան ծանրութենէն
եւ
մարմնիս մէջ
ծովդ
աղի մշտաշարժ
իր ամառնային հեւքը կը հիւսէ
մենախօսութեամբը
ջրահանգոյց խռովքներուդ ցնցումներուն
մինչ
դուն՝ Պ
մոխիր բերնովդ բառեր կ՛աճեցնես
քարերուդ/ս մէջ
որպէսզի
մնամ/ս
որպէս միակ ծնունդը
որ կը կրկնէ քեզ/զիս
կախուած պատուհանէն
անժամանակ միջոցին
IV
Պ՝ սիրելիս
ուզեցի
հատել կշռոյթը բոլոր լռած տարածութիւններուն
բռնել անյայտը ընծայուող մտերմութեանդ
խլրտումը ծովածոցիդ աւազներուն
ուր խեչափառներու սեռաբանութենէն
ջուրերուդ աղեխաշ հոտը իր փրփուրները կը թափէ եզերքիդ
բեղմնաւորելու հետքերը բոպիկ ոտքերուս
որոնց թացութենէն
ժամանակին ծաղկազարդեալ ու խոնաւ
տողեր երկնեցի
որպէսզի մարմինդ իմս ըլլայ
արեւներու ողջակիզուած խնծիղով
բաշխուած բոլոր շէնքերուդ դիմակներուն
որոնց յոգնութեան տակ
աստուածները իրենց մեղքերը կու լան
ճանկռտումով մը ծարաւ
անօթի
ուզեցի գտնել սահմանը մօտիկութեանդ
միւռոնի պէս քսել շրթունքներուս
կողերէդ բարձրացող համը կիտրոնի
հորիզոնիդ ծակծկած թեթեւութեամբ
ծածկել ուսերս խանձուած
աւազիդ վրայ գծել կարօտէն կոտորակուած մարմինս
հանգչիլ ալիքներուդ քսկրտուող թիկունքին
եւ ձայնազրկել քաղցկեհամ ցաւերս
տեւելու թեւերուդ մէջ
տոկալու ա՛յս կեանքին
որուն գիշերներուն մէջ յոյսի ջահեր վառեցի
ու փնտռեցի ցոլքը
գրաւեալ բխումներուդ
լուալու լոյսը
մեռած աչքերուս
V
բայց հոն մահն է
վերածնած
փողոցային սրիկա
որուն շուքէն
գերեզմանի բուերն անգամ
- չարագուշակ ուրուականներ –
կը սահմռկին
կը վայեն
մութին մէջը
պալարներով թարախոտած
պատերազմի համն ու հոտը
կը ցանեն
մինչ դուն՝ Պ
կը ծնիս
զիս
քանդուող քաղաքի
քարերուն/բառերուն
բարձրաղաղակ դղրդիւնով
ու լոյսի կարճ շունչով
կը ճեղքես
փլատակ յիշողութիւնը մարմնիս
ուրկէ անունդ
կը կախուի
որպէս նշան
որուն շուքին
մայրիները կը ծերանան ինքնակամ
կեանքին հողը լզելով





